Ախ Իմ Եար

Ախ իմ եար, սիրուն եար
Արեւին տակ մի կենար,
Շուքդ վար ինալուն
Սիրտս ալ չի դիմանար:

Վարդ քաղելէն կու գաս եար
Ձեռքդ է մտեր փուշ մը չար:
Ես քաշեմ փուշը չար
Ցաւդ առնեմ սիրուն եար:

Հեռու տեղեր մի երթար,
Նայուծքէս մի հեռանար.
Կը պոկեն քեզ լոյս աչքով
Աշխարհն ալ տամ էլ  ետ չեն տար:

Քաղած վարդդ որ տաս եար
Պապակ սիրտս չի լեննար.
Հոգիս դրախտն ալ տանին
Քեզմէ զատ բան չի ցանկար:

Արիւնոտ Դրօշ

Արիւնոտ դրօշ վեհ Դաշնակցութեան
Ծածանեց ընդդէմ բռնակալութեան,
Յոյսով լեցուեցաւ սիրտը հայութեան,
Երկիւղը պատեց կայսեր Օսմանեան։

Մեծ մարդասպանը սաստիկ զայրացաւ, 
Հայեր ջնջելու հրաման տուաւ՝
Քանդել Հայաստան, ջնջել հայ անուն,
Որ չխանգարուի իր ազատութիւն։

Բայց զէնք ի ձեռին՝ ոտքի կանգնեցան
Ջան ֆետայիներ, առիւծի նման:
Կռիւ կը մղէր հերոս Անդրանիկ, 
Սարսափը տիրեց Օսմանեան զօրքին։

Արի՜ք, հայկազունք, գոչենք միաձայն,
Սրտագին գոչենք Կեցցէ՜ Հայաստան,
Կեցցէ Հայաստան եւ ազատութիւն,
Հայրենեաց պաշտպան վեհ Դաշնակցութիւն։
Դաշնակցութիւնը յաղթեց սուլթանին,
Նո՜ր արեւ, նո՜ր կեանք պարգեւեց հային։

Չըմնանք հայե՜ր, օտար լուծի տակ,
Հերիք է հայուն այսքան համբերել,
Թո՜ղ չծաղրէ մեզ անգութ թշնամին,
Մինչեւ որ հասնինք մեր նպատակին,
Սիրենք միութիւն, չանենք վատութիւն,
Մի՜շտ բարձր պահենք հայութեանն անուն։